2012-01-23 14:05:20

Փղոսկրեայ Ափի` եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Ժողովները


23 - 29 յունուար 2012 Փղոսկրեայ Ափի` Եամուսսուքրօ քաղաքի մէջ Արեւմտեան Ափրիկէի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը գումարէ իր տարեկան ժողովը որ ունի որպէս նիւթ << Արեմտեան Ափրիկէի մէջ Աստուծոյ ընտանիքը, Եկեղեցին` ի սպաս հաշտութեան` արդարութեան եւ խաղաղութեան>>։


23-26 յունուար 2012 Հռոմի մէջ տեղի կ՜ունենայ Իտալիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի մնայուն Խորհուրդի հանդիպումը որուն բացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի 23 յունուարի յետ միջօրէին Սուրբ Հաղորդութեան ապաշխարութեան արարողութեամբ որմէ ետք ժամը 17ին Իտալիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Համահաւաք դասի Նախագահը Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն կը ներկայացնէ Իտալիոյ եկեղեցւոյ իրավիճակը ու անոր յուզող հարցերը։
Եզրափակիչ մամլոյ ասուլիս մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ 27 յունուարին առաւօտեան ժամը 12ին Վատիկանի Ձայնասփիւռի Մարքոնի անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.